2012-10-08 13:09:13

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսական Ժողովի Ընդհանուր Քարտուղարի Ելոյթը եւ <<Քննարկումէ առաջ տեղեկագիր>>ի ներկայացում։


Երկուշաբթի 8 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան Տիեզերական Եկեղեցւոյ ԺԳ սիւնհոդոսական նիստի աշխատանքներու սկիզբի առթիւ, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ժողովի ընդհանուր քարտուղար`գերապայծառ Էթէրովիչ իր խօսքին մէջ նշեց սիւնհոդոսի կարգախօսը <<գացէք ուրէմն եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեցի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը (Մատթ. 28, 19-20)>>։ Յիսուսի այս խօսքերը եկեղեցւոյ առաքելութեան դուռը կը բանան - ըսաւ Էթէրովիչ գերապայծառը - յայտնելով թէ այս պատուէրը <<ուղղուած է նաեւ մեզի որ հաւաքուած ենք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսով խորհրդածելու` «Նոր աւետարանացումը քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումի ի սպաս» նիւթին շուրջ։ Նոյն Բարի Լուրն է որ աշակերտները հաղորդած էին։ Աւետարանը կը մնայ նոյնը, փոխուած են միայն մարդկային, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային իրավիճակը որուն մէջ Աստուծոյ Փրկարար Խօսքը պէտք է հաղորդուի։ Գերապայծառ Էթէրովիչը հուսկ շեշտեց աղօթքի կարեւորութեան որ <<սիւնհոդոսական նիստերու կեդրոնը կը հանդիսանայ>> ու անդրադարձաւ այս շրջանին, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորելիք կարեւոր 4 արարողութիւններուն. Սիւնհոդոսի բացման ու փակման արարողութիւնները, 11 հոկտեմբերի հաւատոյ տարուայ պաշտօնական բացման արարողութիւնը ու 21 հոկտեմբերին երանացման արարողութիւնը։
Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղարը յանուն սիւնհոդոսական հայրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին Հաւատոյ Տարին հռչակած ըլլալուն համար ու յայցեց Սուրբ Հոգիին շնորհքները։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց սիւնհոդոսական հայրերուն ու թիւերով ներկայացուց սիւնհոդոսի կազմը ու ապա անդրադրաձաւ սիւնհոդոսի նախապատրաստողական աշխատանքներուն եւ զանազան հանգրուաններուն։

Հակիրճ դադարէ ետք խօսք առաւ Վաշէնկթոնի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Տոնալտ Ուիլլիամ Վուրլը` սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը, ներկայացնեով
<<քննարկումէ առաջ տեղեկագիր>>ը։
Ան ընգծեց սիւնհոդոսի նիստերու վերաբերող 7 կէտեր.
Ա - Ի՞նչ եւ Ո՞վ կը հռչակենք - Աստուծոյ Խօսքը
Բ - Մեր պարտականութիւնը կատարելու ծարայող աղբիւրներ
Գ- Մեր ժամանակաշրջանի յատուկ պարագաներ որ այս սիւնհոդոսական նիստը կարեւոր կը դարձնեն
Դ - Նոր աւետարանացումի նիւթեր
Ե- Աստուածաբանական մի քանի սկզբունքներ նոր աւետարանութեան համար
Զ- Նոր աւետարանիչներու որակը եւ
Է - Եկեղեցւոյ շնորհապարգեւները որ նոր աւետարանութեան կ՛աջակցին։

Գերպաածառ Վուրլը խօսքին աւարտին, նոր աւետարանութեան վերաբերող չորս յատկանշական կէտեր կը նշէ. Քաջութիւն ունենալ­ Հաղորդութիւն եկեղեցւոյ հետ եւ զօրակից Անոր հովիւներուն - Աստուծոյ պատգամը հռչակել ուրախութեամբ եւ ի վերջոյ ճանզնալ <<շատ կարեւոր>> առաքելութեան հրատապութիւնը որուն ի տես կարելի չէ <<ժամանակ կորսնցնել>>։
<<Քննարկումէ առաջ տեղեկագիր>>ի ներկայացումէն ետք տեպի ունեցան ազատ ելոյթներ։
Յետ միջօրէին աշխատանքները (16.30 - 19.00) շարունակուեցան հինգ ցամաքամասերու ներկայացուցիչներու զեկոյցներու ելոյթով որմէ ետք սկիզբ տրուեցաւ ընդհանուր բանավէճին։








All the contents on this site are copyrighted ©.